Etkinlik Zamanı: 14 Ocak 2023, 17:00-20:00
Etkinlik Adresi:
Kumkapı Ermeni Patrikliği Meryem Ana Patriklik Kilisesi Kazaz Artin
Amira Salonu, Muhsine Hatun, Sevgi Sk. No:5, 34130 Fatih/İstanbul
PAREV, KONSERE İZLEYİCİ OLARAK KATILIM İÇİN KAYIT ZORUNLUDUR. KAYDINIZ ALINDIĞINDA KONSERE ULAŞIM VD BİLGİLENDİRME YAPILACAKTIR.
«Մենք Երգ Ենք» Երաժշտական Խումբի Ս. Ծնունդի Համերգը
«Մենք Երգ Ենք» Երաժշտական Խումբի ամառուան համերգները մեծ ընդունելութիւն
գտած էին ունկնդիր հայ երիտասարդներու քով։
Խումբը քաջալերուած ըլլալով մեծ խանդավառութեամբ շարունակած է իր փորձերը եւ
այժմ կը ծրագրէ Ս. Ծնունդի համերգ մը իրականացնել: Ն.Ա. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք հօր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ 14 Յունուար 2023 Շաբաթ, ժամը 17:00-20:00ի միջեւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ Գազազ Ամիրա սրահին մէջ:
Այս առթիւ բեմ պիտի բարձրանան Պակաս, The Strangers եւ Սօլանում խումբերը, որոնք պիտի ներկայացնեն «փոփ» ու «ռաք» երաժշտութեան նմոյշներ: «Մենք Երգ Ենք» խումբի երիտասարդները Ս. Ծնունդի համերգին համար կը փափաքին վայելել լիսէ կամ համալսարան յաճախող իրենց տարեկից երիտասարդներու ներկայութիւնը, որուն համար ծրագրուած է մասնակցութեան թիւը նախապէս որոշել եւ ըստ այնմ փոխադրամիջոցի կարգադրութիւն ընել: Այս ուղղութեամբ տեղեկութիւննեպիտի յայտարարուին յառաջիկայ օրերուն: Նորահաս տաղանդաւոր հայ երաժշտասէր երիտասարդներէ բաղկացեալ խումբերը առաջին անգամ հանրութեան ներկայացած էին Օգոստոս 2022ին, Գնալը կղզիի Կազդուրման Կայանի պարտէզը Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած համերգներով: Աշխատութիւններուն նեցուկ կը կանգնին բարեսէր անձեր եւ հաստատութիւններ, իսկ համերգներու գլխաւոր կազմակերպիչներն են «Մենք Երգ Ենք» ծրագրի հեղինակ եւ ընդհանուր պատասխանատու Սեւան Աթաօղլու եւ երաժշտական ուղեցոյց ուսուցիչ՝ Արի Հէրկէլ:
Menk YerkEnk Yeni Yıl Konseri
Yeni müzisyenlerimize olanak sağlamak, onları desteklemek için yola çıkan “Menk YerkEnk” projesi kapsamında bir Doğuş Yortusu gençlik
konseri düzenleniyor. Türkiye Ermenileri Patriği Kadasetli Sahak 2 Hazretleri’nin himayesi ve riyaseti ile organize edilen etkinlik 14 Ocak Cumartesi günü 17:00-20:00 saatleri arasında Kumkapı Surp Asdvadadzin Patriklik Kilisesi Kazaz Artin Amira salonunda gerçekleşecek. Konserde toplumumuz
gençlerinden oluşan ve pop rock tarzda müzik yapan Bagas, The Strangers ve
Solanum grupları sahne alacak. Lise ve üniversite öğrencilerimize özel olan
konsere ulaşım için servis hizmeti bilgilendirmeleri önümüzdeki günlerde
duyurulacaktır. Provalarına ve konserlerine devam eden bu gruplarımız ilk kez
ağustos ayında Kınalıada Gasturman Gayan bahçesinde gerçekleşen ve yine Patrik
Hazretlerinin himaye ettiği ortak konserde bir araya gelmiştir. “Menk YerkEnk”
projesi, koordinatörü Sevan Ataoğlu ve müzik direktörü Ari Hergel tarafından
yürütülmekte, çeşitli kişi ve kurumlar tarafından desteklenmektedir.